2015-01-30 12:48:39

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը` հանդիպում` ''Կաթողիկէ եւ Ուղղափառ արեւելեան եկեղեցիներու Աստուածաբանական երկխօսութեան միջազգային խառն յանձնախումբի'' անդամներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 30 յունուար 2015-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց` Ընտանիքի Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` գերապայծառ Վինչէնցօ Փալիա, Իտալիոյ Իսքիա թեմին առաջնորդ` գերապայծառ Փիեթրօ Լանիեզէն եւ Սուրբ Աթոռի մօտ Իտալիոյ դեսպան` Տիար Ֆրանչեսքօ Մարիա Կրէքօն, հրաժեշտի այցելութեան առթիւ, ինչպէս նաեւ Վատիկանի Զուիցերական պահակագունդի հրամանատար` գնդապետ Տանիել Ռուտոլֆ Անրիկը։
Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ` Քոնչիսթորօ սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց Կաթողիկէ եւ Ուղղափառ արեւելեան եկեղցիներու Աստուածաբանական երկխօսութեան միջազգային խառն յանձնախումբի անդամներուն։ Յայտնենք թէ վերոյիշեալ միջազգային խառն յանձնախումբին մաս կը կազմեն Էջմիածնի Սուրբ Աթոռէն` Խաժակ եւ Յովակիմ սրբազանները, Կիլիկեան Աթոռի Անթիլիասի Կաթողիկոսարանէն Աշգարեան եւ Ալեմեզեան սրբազանները, եւ Հայ Կաթողիկէ պատրիարքութենէն` Հալէպի թեմի առաջնորդ` Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեանը։
Կաթողիկէ եւ Ուղղափառ արեւելեան եկեղեցիներու Աստուածաբանական երկխօսութեան միջազգային խառն յանձնախումբի անդամներուն արտասանած իր խօսքին մէջ` Սրբազան Հայրը ըսաւ ՝՝ձեզ ուրախութեամբ կ’ողջունեմ։ Ձեր միջոցաւ իմ ողջոյնս կ’ուղղեմ իմ յարգարժան եղբայրներուս՝ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Պետերուն։
Սրբազան Քահանայապետը մաղթանք յայտնեց, որ կատարուած աշխատանքը առատօրէն պտղաբերէ աստուածաբանական միասնական ուսումնասիրութիւններու համար եւ օգնէ մեզի՝ միշտ աւելի խոր կերպով ապրելու մեր եղբայրական բարեկամութիւնը։
Ան յիշեց նախորդ տարի մահացած Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պատրիարք Իգնատիոս Զաքքա Իվաս եւ յորդորեց աղօթել անոր հոգւոյն յաւիտենական երջանկութեան համար։
Այս րոպէին, յատկապէս, կը բաժնենք վիշտն ու ցաւը Միջին Արեւելքի մէջ կատարուածներուն ի տես, յատկապէս Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ։ Կը յիշեմ տարածաշրջանի բոլոր բնակիչները, եւ յատկապէս մեր քրիստոնեայ եղբայրները եւ բազմաթիւ փոքրամասնութիւնները, որոնք կը կրեն սպառիչ եւ տառապալից հակամարտութեան մը հետեւանքները։
Ձեր հետ միասին կ’աղօթեմ ամէն օր, որպէսզի շուտով այս տագնապին լուծում մը գտնուի՝ հայցելով Աստուծոյ բարութիւնն ու ողորմութիւնը՝ բոլոր անոնց համար, որոնք տուժած են այս ահարկու ողբերգութեան պատճառով։ Բոլոր Քրիստոնեաները կոչուած են աշխատելու միասնաբար՝ փոխադարձ ընկալումով եւ վստահութեամբ, կարենալ ծառայելու համար խաղաղութեան եւ արդարութեան դատին։ Բազմաթիւ մարտիրոսներ եւ սուրբեր, որոնք մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ՝ արիաբար վկաներն եղած են Քրիստոսի՝ իրենց միջնորդութեամբ նեցուկ կանգնին ձեզի եւ ամրապնդեն ձեզ եւ ձեր քրիստոնեայ համայնքները։
Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի՝ ձեր այցելութեան համար եւ կը հայցեմ ձեզմէ իւրաքանչիւրին եւ ձեր հոգեւոր ծառայութեան համար Տիրոջ օրհնութիւնը եւ Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի մայրական հովանին։ Կը խնդրեմ՝ որ աղօթէք ինծի համար։
Նշենք, թէ վերոնշեալ յանձնախումբի աշխատանքները սկսած են 2003 թուականին՝ նախաձեռնութեամբ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու ընտանիքին եւ Քրիստոնեաներու Միութեան Յառաջացման Քահանայապետական Խորհուրդին։ Վերջին տաս տարիներուն այս յանձնախումբը մեծ աշխատանք տարած է եկեղեցիներու միութեան ձգտումի ճանապարհին վրայ։ Այս վերջին շաբաթուայ հանդիպումներուն կատարուած են խորացեալ ուսումնասիրութիւններ սուրբ խորհուրդներու բնութեան՝ յատկապէս մկրտութեան սուրբ խորհուրդի շուրջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.